Bezciyanlı Dahiler-2

“Պէզճեանի Հանճարներ” խորագրեալ շարքին երկրորդ դեմքն էր` Մկրտիչ Մարկոսեան, որուն մասին վարժարանիս աշակերտները ստացան շահեկան տեղեկութիւններ 7 Դեկտեմբեր 2022 թուականին դպրոցին հանդիսասրահին մէջ։ Մկրտիչ Մարկոսեան գիւղագիր, պատմաբան, լրագրող, տնօրէն, հրապարակագիր և ուսուցիչ էր։ Մանկուեան տարիները, ծննդավայրի, ազգականներու, բարեկամներու և դրացիներու կենցաղը, ապրելակերպը հանդիսացան յայտնի գիւղագրի ստեղծագործութիւններու առանցքը ու ան այդ ամէնի մասին գրեց ու պատմեց բազմահարիւր ընթերցողներու։ Գրական ամենագեղեցիկ լեզուով իր ստեղծագործութիւններուն մէջ կը պատմէր Անատոլուի ու հոն ապրող մարդոց կեանքին մասին։ Թուրքիոյ մէջ Յակոբ Մնձուրիէն ետք, հայալեզու գաւառական գրականութեան վերջին ներկայացուցիչն էր։ Պէզճեանցի Հանճարներու շարքը պիտի շարունակուի զանազան մեծանուն դէմքերով յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին։

“Bezciyanlı Dahiler” başlıklı sunumlardan ikincisi olan “Mıgırdiç Margosyan”, 7 Aralık 2022 Perşembe günü okul salonunda hazırlanan bir çalışmayla öğrencilere tanıtıldı. Bezciyanlı Mıgırdiç Margosyan, Ermenice taşra edebiyatının Hagop Mıntsuri’den sonra Türkiye’deki son temsilcisi idi. Eserleriyle, pek çok insanın ruh dünyasında izler bırakmıştır. Bezciyanlı Dahiler serisi ile ünlü Bezciyanlıları öğrencilerimize tanıtmaya devam edeceğiz.

Related Posts