📚🎂 Պէզճեան Ընտանիքը կը տօնէ «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի Ծնունդը 🎂📚
Այսօր մեծ Հայ բանաստեղծ ու գրող Յովհաննէս Թումանեանի ծնունդը խանդավառութեամբ նշեցինք։ 🎉
📖 Իրարու Ուսուցչաց Հիմնարկի կողմէ տպուած գիրքերէն նուիրեցինք եւ ուրախացանք գրականութեան հրաշքով։
🎥 Թումանեանի կեանքին մասին անիմացիոն ֆիլմ դիտեցինք ու պատկերներով եւ տեղեկութիւններով զարդարեցինք վարժարանիս պատերը։
🖼 Մանկական գիրքերու կափարիչներով ստեղծագործ լուսանկարային շրջանակներ պատրաստեցինք։ Ապա քաշուեցանք անմոռանալի նկարներ։
🎂 Թումանեանի տարեդարձին ուրախ առիթով մեր ծնողներու կողմէ պատրաստուած կարկանդակը կտրեցինք։
🎶 «Ախ Թամար» անիմացիոն ֆիլմը դիտեցինք ու երգը սորվեցանք:
Նաեւ դիտեցինք ու կարդացինք հէքիաթներ: Այսպէսով վերապրեցանք մեր մշակութային ժառանգութիւնը։
Թումանեանի կախարդական աշխարհին մէջ հաճելի ճամբորդութիւն մը ունեցանք՝ անգամ մը եւս ապրելով գրականութեան ու արուեստի միաւորող ուժը։ 💙✨