1. Öğretmenden Öğretmene İyi Örnekler Konferansı’na Katıldık

28 Օգոստոս 2024 թուականին տեղի ունեցաւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց Վարժարանի կողմէ կազմակերպուած “Ուսուցիչէ Ուսուցիչ Բարի Օրինակներու Փոխանակում” խորագրեալ բանախօսութեան առաջինը, որուն մասնակցեցաւ վարժարանիս ուսուցչաց կազմը, Տնօրէնուհի` Քլոտիա Ալթըփարմաք Տէմիր և Հիմնադրի ներկայացուցիչ` Ժանէթ Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ։ Այս բանախօսութեան իրենց նպաստը բերին նաեւ վարժարանէս խումբ մը կրթական մշակներ, որոնք չորս տարբեր ճիւղերու մէջ իրենց բարի օրինակները ներկայացուցին ունկնդիր ուսուցիչներուն։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Օրթագիւղի Թարգմանչաց Վարժարանի Տնօրէնութեան և պատասխանատուներուն այս օգտաշատ ձեռնարկին համար։

28 Ağustos 2024 tarihinde Ortaköy Tarkmanças Okulu tarafından düzenlenen “1. Öğretmenden Öğretmene İyi Örnekler Konferansı”na okul müdürümüz, kurucu temsilcimiz ve öğretmen kadromuz ile katılım gösterdik. 4 sunum ve 1 panel ile destek verdiğimiz bu başarılı konferans için Tarkmanças Okulu idari kadrosuna ve emeği geçen herkese teşekkür ederiz.

On August 28, 2024, we participated in the “Good Examples from Teacher to Teacher Conference” organized by Ortakoy Tarkmancas School with our school principal, founder representative and teacher staff. We would like to thank the administrative staff of Tarkmancas School and everyone who contributed for this successful conference, which we supported with 4 presentations and 1 panel.

Related Posts