8. Sınıf Mezuniyet Töreni

Պէզճեան Մայր Վարժարանի 2023-2024 Տարեշրջանի Հունձքը

11 Յունիս 2024 Երեքշաբթի օր, Պէզճեան Մայր Վարժարանի Ընտանիքը հրաժեշտ տուաւ իր տասնըերեք շրջանաւարտներուն։
Միջնակարգի շրջանաւարտութեան առթիւ վարժարանին մէջ կը տիրէր մեծ ոգեւորութիւն մը։
Շրջանաւարտութեան հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, Արժանապատիւ Տէր Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեանը, Թաղային Խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչը, վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչաց կազմը, Պէզճեան Սանուց Միութեան ու Սասուն Պիթլիս ՀայՏէրի վարչութիւնները, ծնողներ եւ հրաւիրեալներ։
Շրջանաւարտ սաները նախ հանդէս եկան գողտրիկ յայտագրով մը, որու ընթացքին ապրուեցան թէ յուզումնալից և թէ երջանիկ պահեր։
Պատրաստուած էր պաստառի ցուցադրութիւններ, որոնց շնորհիւ բոլոր հրաւիրեալները ականատես եղան իրենց սիրասուն զաւակներուն դպրոցական անցեալին և այսօրուան։ Հանդիսատեսները ուշադրութեամբ դիտեցին նաեւ այն տեսերիզը, զոր կը բովանդակէր վարժարանին այս տարի արձանագրած փայլուն յաջողութիւնները։
Վկայականի բաշխումը կատարուեցաւ մեծ ոգեւորութեամբ, աշակերտները ստացան իրենց համար պատրաստուած նուէրները յետոյ Գազազ Յարութիւն Ամիրա սրահին մէջ կուշտ ու կուռ զուարճացան։
Այս ուրախ առիթով մենք ալ սրտանց կը շնորհաւորենք մեր շրջանաւարտները և իրենց կը մաղթենք փայլուն, առողջ և յաջողութիւններով լի ապագայ մը։

11 Haziran Salı günü yoğun bir katılım ile 2023-2024 Eğitim Öğretim yılının 8.sınıf öğrencilerinin mezuniyetleri kutlandı. Öğrencilerimiz tarafından önce Ermenice, Türkçe ve İngilizce veda konuşmaları yapıldı, danslar edildi, ünlü şairimiz Zahrad’ın şiirleri okundu. Ermenice şarkılar soylendi. Bezciyan’da geçirdikleri günlerin videosu ve okulun bu yıl elde ettiği parlak başarıların gösteriminden sonra diploma törenine geçildi. Patrik hazretlerinin de katıldığı diploma töreninde öğrencilerimize ödülleri takdim edildi. Tören sonunda Kazaz Harutyun Amira Salonu’nda verilen yemek daveti ve müzik eşliğinde öğrencilerimizle coşkulu bir gece yaşandı. Mezun olmanın mutluluğunu aileleri, öğretmenleri ve arkadaşlarıyla paylaşan öğrencilerimizi kutlar, başarılarının hayatları boyunca devam etmesini dileriz.

Related Posts