Պէզճեան Մայր Վարժարանի “Բաժակի Օր”ը, իրականացաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, Պէզճեանցիներու եւ Պէզճեանի համակիրներու լայն մասնակցութեամբ: Պէզճեան Մայր Վարժարանի եւ Սանուց Միութեան համատեղ ջանքերով նախաձեռնուած Բաժակի Օրուան ընթացքին նշուեցան 1975-1976 տարեշրջանի շրջանաւարտներուն յիսնամեակը, 1985-1986 տարեշրջանի շրջանաւարտներուն 40 ամեակը, 2000-2001 տարեշրջանի շրջանաւարտներուն 25 ամեակը եւ 2010-2011 տարեշրջանի շրջանաւարտներուն 15 ամեակը:
Հանդէսը սկսաւ երիցագոյն եւ կրտսերագոյն Պէզճեանցիներու բաժակ բարձրացումով: Ապա շարունակուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի` Քլոտիա Ալթըփարմաք Տէմիրին արտասանած սրտի խօսքով եւ սաներուն պատրաստած գեղարուեստական յայտագրով:
Յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ վաստակաշատ ուսողութեան ուսուցչուհի`Օրիորդ Թալին Աղտամարին, որ այս տարի հանգստեան կոչուած էր։
Յայտագրի վերջաւորութեան բեմ բարձրացաւ մեծ Պէզճեանի ընտանիքը:
Բաժակի օրը իր աւարտին հասաւ Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեանին հուսկ բանքով:
Geleneksel Bezciyanlılar Günü 3 Mayıs günü yoğun bir katılım ile gerçekleşti. Bezciyan Okulu ve Bezciyan Okulu’ndan Yetişenler Derneği’nin birlikte organize ettiği günde 1975-1976 yılı mezunlarının 50., 1985-1986 yılı mezunlarının 40., 2000-2001 yılı mezunlarının 25. ve 2010-2011 yılı mezunlarının 15. mezuniyet yılları kutlandı. En büyük ve en küçük Bezciyanlı’nın kadeh kaldırması ile başlayan tören, okulumuz müdiresi Clodya Altıparmak Demir’in konuşması ve öğrencilerin performansları ile devam etti.
Tören sırasında bu yıl emekliye ayrılan okulumuz matematik öğretmeni Talin Ağdamar’a da bir plaket takdim edildi.
Büyük Bezciyan ailesinin sahneye çıkmasının ardından tören kıdemli peder Krikor Damadyan’ın konuşması ile sona erdi.
