“Թարգմանչաց Տօն” և մշակոյթի ամսուայ գործունէութիւններու շարքին` վարժարանիս Զ., Է. և Ը. դասարաններու սաները իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեան ներքեւ 9 Հոկտեմբեր 2024 թուականին այցելեցին վարժարանիս հիմնադիր` անմահ անուն Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի կողմէ հիմնուած Ս.Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցն ու հիւանդանոցի թանգարանը։ Աշակերտները մօտիկ հետաքրքրութեամբ զննեցին Պէզճեան Ամիրայի արձանը, որ կը գտնուի հիւանդանոցին պարտէզին մէջ։ Վարժարանիս սան ու սանուհիներ անգամ մը եւս իրենց երախտիքը յայտնեցին մեծանուն բարերարին։ Աշակերտները ուշադրութեամբ պտըտեցան թանգարանը, ուր կը գտնուէին հինաւուրց և պատմական առարկաներ։ Վարժարանի սաները զինուեցան շահեկան գիտելիքներով, ապա այցելելու առիթն ունեցան Ս.Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի մատուռը, ուր մոմ վառեցին և աղօթեցին։ Աշակերտները այցելեցին նաեւ Կիւլպէնկեան Գերդաստանի դամբարանը։ Վարժարանիս սան ու սանուհիները լաւ տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց դպրոցը։
9 Ekim 2024 Çarşamba günü okulumuz 6., 7. ve 8. Sınıf öğrencileri “Tarkmançats Don” ve kültür ayı etkinlikleri kapsamında okulumuzun kurucusu Harutyun Amira Bezciyan tarafından yaptırılan Surp Pırgiç Ermeni Hastanesi ve hastanenin müzesini ziyaret ettiler. Teşekkür ve minnet hisleriyle dolu bir şekilde okula döndüler.
On Wednesday, October 9, 2024, 6th, 7th and 8th grade students of our school visited the Surp Pırgic Armenian Hospital and its museum built by the founder of our school, Harutiun Amira Bezciyan, as part of the “Tarkmançats Don” and culture month activities. They returned to school full of gratitude and appreciation.
