Anadil Günü Etkinliğimiz

Փետրուարի 21-ին, համայն աշխարհը կը նշէ «Մայրենի Լեզուի Օր»ը, որ առիթ մըն է իմաստաւորելու մեր լեզուներուն արժէքը եւ մանաւանդ մեզի՝ Հայերուս համար, հիանալի միջոց մը դառնայ անգամ մը եւս գիտակցելու մեր լեզուին հարստութեան:
Մենք որպէս Պէզճեան Մայր Վարժարանի մեծ ընտանիք պարտական կը զգանք միշտ հոգ տանիլ մեր Մայրենի Լեզուին՝ Հայերէնին եւ կը խոստանանք միշտ Հայերէնով խօսիլ, երգել, գրել ու ստեղծել։ Այս նպատակով կատարեցինք շարք մը գործունէութիւններ։
Vlume թուային գրքի հարթակին միջոցով կարդացած մեր գիրքերուն հիման վրայ կազմակերպեցինք զանազան ստեղծագործական աշխատանքներ։
Մեր Ա․, Բ․ եւ Գ․ դասարաններու աշակերտները՝
📌 պատրաստեցին ազդագրեր (աֆիշներ),
🧠 մասնակցեցան գիտելիքի մրցումներու
✍️ եւ պատմութիւններ հիւսեցին, ապա զարգացուցին իրենց երեւակայութիւնը։

Լիուլի օր մը ապրեցանք՝ ուր մայրենի լեզուն դարձաւ ստեղծագործութեան, գիտելիքի եւ ուրախութեան աղբիւր։

Related Posts