Յովհաննէս Թումանեանը ոգեկոչելու համար կազմակերպուած այս յատուկ երեկոն բոլորեցինք բանաստեղծութեամբ, թատերակներով, երաժշտութեամբ, պարով, երաժշտախաղով եւ ամենէն կարեւորը՝ սրտով։
Վարժարանիս աշակերտներուն ջանքը, ուսուցիչներու նուիրումն ու ծնողներու մասնակցութիւնը միաւորուեցան այս իմաստալից երեկոյի ուրախ առիթով, ուր անգամ մը եւս զգացինք, թէ Թումանեանի մշակութային ժառանգութիւնը որքան կենսունակ է եւ մեզի հետ։
Բեմին վրայի իւրաքանչիւր քայլ, արտասանուած իւրաքանչիւր խօսք եւ կիսուած իւրաքանչիւր զգացում կը վկայէր անցեալէն դէպի ապագայ ձգուող ամուր կապը…
Այս երեկոյին կեանքի կոչման ընթացքին մեր կողքին եղող թաղային խորհուրդի արժէքաւոր անդամներուն եւ հիմնադրի ներկայացուցչին կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը։
Իր բարձր ներկայութեամբ Հանդիսութիւնը պատուող Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Սահակ Բ. Մաշալեանին եւ Հոգեւորական դասուն կը յայտնենք մեր յարգանքն ու երախտագիտութիւնը։
Մեր ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ մշտապէս մեզի աջակից մեր սիրելի ծնողներուն՝ սրտանց երախտապարտ ենք։
Կեցցէ՛ Հայ Մատենագրութիւնը,
Կեցցէ՛ Հայ Մշակոյթը։
