26.11.2024 Երեքշաբթի օր վարժարանիս մէջ հիւրասիրելու երջանկութիւնը ապրեցանք, մեր նախկին աշակերտուհի`Տիանա Չիլինկարեանը։ Սիրելի Տիանան մեր հրաւէրին ընդառաջելով վարժարանիս սաներուն հետ կատարեց մտերմիկ զրոյց մը Համաշխարհային Տրամայի Օրուայ առթիւ։
Տիանա Չիլինկարեանը իր անուշ և հմայիչ ձայնովն ու շարժուձեւերով պատմեց իր դերասանութեան ճամբորդութիւնը, որ սկսած էր Պէզճեան Մայր Վարժարանի երդիքին տակ, ապա շարունակած էր Փէրա Գեղարուեստական Լիսէ և Գատիր Հաս Համալսարանի մէջ։
Սիրելի Տիանան իր աշխատութիւններուն մասին ալ տեղեկութիւններ փոխանցեց և զանազան յանձնարարութիւններ տուաւ անոնց, որոնք կը փափաքին դերասանութիւն կատարել ապագային։ Մենք ալ որպէս Պէզճեան Մայր Վարժարանի ընտանիք հպարտ ենք մեր սիրելի Տիանա Չիլինկարեանով, որ գեղարուեստական կեանքի մէջ իր անունը քանդակելու սկսաւ ոսկեգոյն տառերով,հակառակ իր երիտասարդ տարիքին։
Շնորհակալ ենք իրեն այս գեղեցիկ հանդիպման առիթով։
Dünya Drama Günü vesilesiyle 26 Kasım tarihinde okulumuzda eski mezunumuz Diana Çilingaryan’ı ağırladık. Bize tiyatroya nasıl başladığını, şu an neler yaptığını kısaca anlatan Diana daha sonra öğrencilerimizin sorularını yanıtladı. Bu güzel buluşma için kendisine teşekkür ederiz.
On the occasion of World Drama Day on November 26th, we welcomed our alumna Diana Chilingaryan to our school. Diana briefly told us how she started theater and what she is doing now, and then answered our students’ questions. We thank her for this beautiful meeting.