Փետրուար 19-ին Հինգշաբթի օր, Պէզճեան Մայր Վարժարանը ուրախութեամբ նշեց Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրն ու Գիրք Նուիրելու տօնը։ Օրուան յայտագիրին ուղղութեամբ նախ այցելութիւն մը կատարուեցաւ դէպի Արաս Հրատարակչատուն, ուր աշակերտներն ու ուսուցիչները մօտէն ծանօթացան գիրքի ստեղծման խորհուրդին, իսկ աւարտին, տօնին առթիւ, իրարու նուիրելու համար գիրքեր գնեցին։
Տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ վարժարանէն ներս, ուր պատրաստուած էր «Թումանեանական Անկիւն» մը։ Աշակերտները, շրջապատուած՝ Թումանեանի հէքեաթային շունչով, լուսանկարուեցան այս ինքնատիպ միջավայրին մէջ ապրելով Թումանեանական ոգին։ Յիշարժան օրը իր աւարտին հասաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ: Աշակերտները իրարու գիրքեր նուիրեցին եւ ի պատիւ բանաստեղծին ծննդեան 157-ամեակին, կտրուեցաւ տօնական կարկանդակը։ Այս ձեռնարկը անգամ մը եւս վառ պահեց ընթերցանութեան, հայ գիրի ու մշակոյթի հանդէպ սէրը։
